Քաթալոնական Պարսելոնայի կեդրոնական գրասենեակին մէջ երէկ աւարտեցաւ ակումբին ղեկավարութեան արտահերթ ժողովը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէ:
Սպանական մամուլը յայտնեց, որ ժողովականները եկան այն եզրակացութեան, որ սպանացի մասնագէտը պէտք չէ շարունակէ իր պաշտօնը:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա արդէն իսկ կապ հաստատած է Վալվերտէի գործակատարին հետ` անոր պայմանագիրի խզման հոլովոյթին սկսելու համար:
Խումբը այսօր` երեքշաբթի, 14 յունուարին իր վերջին փորձը կը կատարէ Վալվերտէի հետ, որմէ ետք ան հրաժեշտ կու տայ ֆութպոլիստներուն:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնայի Բ. խումբին գլխաւոր մարզիչը` Կարսիա Փիմիենթա (45 տարեկան), պիտի յաջորդէ անոր, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: