Հայաստանի ճատրակի տղոց յոբելենական` 80-րդ ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին Սամուէլ Տէր Սահակեան, գործող ախոյեան Արման Փաշիկեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Ախոյեանութիւնը, որ բաղկացած է 9 հանգրուանէ, կ՛աւարտի 21 յունուարին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 75-րդ ախոյեանութեան, դարձեալ յաղթանակ արձանագրեցին երեք մասնակցողներ` Աստղիկ Յակոբեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Նարէ Առաքելեան:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցումները տեղի կ՛ունենան Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ:
Այսօր` երկուշաբթի, 13 յունուարին տեղի կ՛ունենան Բ. հանգրուանի մրցումները: