Երէկ` կիրակի, 12 յունուարին, Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Մատրիտ քաղաքին երկու խումբերը` Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, ինչպէս նաեւ` երկարաձգումը:
Ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտանի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ 11-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Աթլեթիքոյէն երկու մարզիկներ փենալթիներու ընթացքին ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ: