Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային հաւաքականին անդամները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 1-5 փետրուարին Իրանի մէջ տեղի ունենալիք ծանրաբարձութեան վարկանշային մրցաշարքին:
Իրան մեկնող ծանրաբարձները պիտի ըլլան Սիմոն Մարտիրոսեան, Յակոբ Մկրտչեան եւ Ռուբէն Ալեքսանեան:
Այժմ հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը ողիմպիական խաղերէն առաջ պիտի մասնակցի Եւրոպայի վարկանշային ախոյեանութեան` Մոսկուայի մէջ: