Հայաստանի ժիւտոյի տղոց մեծերու ազգային հաւաքականը Աւստրիոյ մէջ կը շարունակէ իր բանակումը, որուն սկսած էր նախորդ շաբաթ:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի եւ ընդհանուր քարտուղար Թաթուր Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ այս հաւաքին կը մասնակցին Ֆերտինանտ Կարապետեան, Եուրի Իսրայէլեան, Տիգրան Բադալեան, Մերուժան Սարգսեան եւ Պորիս Շատվերեան:
Աւստրիոյ մէջ այս հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան 1500 մարզիկներ եւ մարզիչներ` աշխարհի 67 երկիրներէ, սկսելու համար նոր եւ ծանր մարզաշրջանը, ողիմպիական խաղերուն ընդառաջ: