Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Եւ Միլուոքի Պաքս Արձանագրեցին Երկուքական Յաղթանակ. Ուորիըրզի 31-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 17 ճակատումներ: Միլուոքի Պաքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որոնք յաջորդաբար կը գրաւեն արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու պարագլուխի դիրքը, արձանագրեցին երկուքական յաղթանակ: Պաքս յաջորդաբար յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին (127-106) եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին (122-101), իսկ Լէյքըրզ` Տալաս Մավըրիքսին (129-114) եւ Օքլահոմա Սիթիին (125-110): Տալասի դէմ, Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ, իսկ...

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմզի Առաջին Տիտղոսը` Յունուար 2017-էն Ետք

Նախապէս աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող 38 տարեկան ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին` յունուար 2017-էն ետք: Ան երեք տարի առաջ տիրացած էր Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Նոր Զելանտայի Օքլենտ քաղաքին մէջ աւարտած թենիսի միջազգային մրցաշարքի աւարտականին ան 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց իր ազգակիցին` Ճեսիքա Փեկուլային:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Ա. Եւ Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւններուն Եւ Բաժակի Մրցաշարքին Բոլոր Մրցումները Չեղեալ Նկատուեցան

Հինգշաբթի, 9 յունուարին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) գումարեց 2020 տարուան իր երկրորդ նիստը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան: Ժողովականները նախ շնորհաւորեցին Լիբանանի 18 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբը, որ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան: Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքի բոլոր մրցումներուն արդիւնքները չեղեալ նկատուեցան: Չեղեալ նկատուեցան նաեւ բոլորին ստացած կախակայումներն ու...

«Փրեմիեր Լիկ».  Թոթենհամ Պիտի Յաջողի՞ Յաղթել Լիվըրփուլին

«Փրեմիեր Լիկ». Թոթենհամ Պիտի Յաջողի՞ Յաղթել Լիվըրփուլին

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Լոնտոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական կարեւոր մրցում մը, որուն ընթացքին Թոթենհամ պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մարթին Էթքինսըն Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, այս մրցումին իրաւարար նշանակուած է Մարթին Էթքինսըն: Լիվըրփուլի համար ան ամէնէն շատ չսիրուած իրաւարարն է: Ան սուլած է Լիվըրփուլի 14 մրցումի...

«Քալչիօ». Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Եուվենթուս Ճակատումը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները կը կատարուին այս շաբաթավերջին: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք մրցումը, որուն ընթացքին վաղը Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուսը: Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Եուվենթուս պիտի հանդիսանայ երթի ախոյեան: Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող եւ Եուվենթուսի նման 45 կէտ ունեցող Ինթեր Միլան այսօր կը...

«Լիկ 1». Վաղը` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մոնաքօ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Մոնաքոն: Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Պորտօ (13) - Լիոն (12) 18:30 Անժէ (8) - Նիս (10) 21:00 Մես...

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Արծաթէ Մետալակիր` Իրանի Մէջ

Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի 2019-ի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ Իրանի մէջ տեղի ունեցած Թահթիի միջազգային մրցաշարքի փոխախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 57 քկ դասակարգին մէջ հայրենի ըմբիշը պարտութիւն մը կրեց 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան իրանցի պրոնզէ մետալակիր Ալի Ռիզա Սարլաքէն: Նոյն քաշային կարգին մէջ, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Միհրան Ջաբուրեան:

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնները Սկսան

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ սկիզբ առին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց 2020-ի ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները: Տղոց մրցաշարքը պիտի ըլլայ բաւական սուր` նկատի ունենալով, որ անոր 11 մասնակցողներէն 10-ն կրանտմասթըրներ են: Առաջին դասուած խաղացողն Է Ռոպերթ Յովհաննիսեան, մինչ գործող ախոյեան Արման Փաշիկեան դասուած է 5-րդ: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, անոր 10 մասնակցողներէն երկուքը կրանտմասթըրներ են, երկուքը` միջազգային վարպետ, իսկ...

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը

Երէկ` ուրբաթ, 10 յունուարին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը` պատրաստուելու համար Եւրօ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Այս հաւաքը վերջ կը գտնէ 19 յունուարին: Գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած խումբը ակադեմիային մէջ բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ (հաւաքին ընթացքին) Մոլտովայի դէմ` 17 եւ 18 յունուարին:  

Թենիս. Շարափովա 16-րդ Անգամ Ըլլալով Կը Մասնակցի Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարքին

Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 16-րդ անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ: Մրցաշարքը կը սկսի 20 յունուարին եւ կ՛աւարտի 2 փետրուարին: «Մելպուրն Փարք»-ի մէջ 2008-ին ախոյեան հանդիսացած Շարափովա, որ ներկայիս աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 147-րդ, կազմակերպիչներուն կողմէ ստացաւ յատուկ հրաւէր մը («Ուայլտ Քարտ»):...

Պարսելոնա Երկուշաբթի Օր Պիտի Քննարկէ Վալվերտէն Պաշտօնանկ Ընելու Հարցը

Քաթալոնական Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը երկուշաբթի, 13 յունուարի առաւօտեան, ակումբին գլխաւոր գրասենեակին մէջ պիտի քննարկէ գլխաւոր մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէն պաշտօնանկ ընելու հարցը, յայտնեց «Քաթալունիա ռատիօ»-ն: Աթլեթիքօ Մատրիտէն (Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարք) խումբին կրած պարտութենէն (3-2) ետք, Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը որոշեց արտահերթ ժողով մը գումարել եւ քննարկել ակումբը իր ճգնաժամէն դուրս բերելու կարելիութիւնները: Կ՛ակնկալուի, որ ժողովի աւարտէն ետք, Պարսելոնա յայտարարէ Վալվերտէն պաշտօնանկ ընելու մասին:...

Պարսելոնա – Եուվենթուս Մարզիկներու Փոխանակո՞ւմ

Քաթալոնական Պարսելոնան եւ իտալական Եուվենթուս շատ հաւանաբար իրարու հետ մարզիկներու փոխանակում կատարեն, կը յայտնէ «Քալչիօ Մերքաթօ»: Նշուեցաւ, որ Իվան Ռաքիթիչ պիտի մեկնի Եուվենթուս, մինչ հակառակ ուղղութեամբ պիտի մեկնի Ֆետերիքօ Պերնարտեսքի: Սակայն այս փոխանակումը տեղի կրնայ ունենալ այս տարեշրջանէն ետք: Ներկայ դրութեամբ, Ռաքիթիչի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 25 միլիոն եւրոյով: Իսկ 2017-ին Եուվենթուս Պերնարտեսքին իր կազմին միացնելու նպատակով անոր համար վճարեց...

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ Իր Կազմին Միացուց Շալքէի Բերդապահը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շալքէի բերդապահ Ալեքսանտր Նիւպելի հետ: 23 տարեկան բերդապահը 1 յուլիսին ազատ մարզիկի կարգավիճակով պիտի միանայ Գերմանիոյ ախոյեանին: Ըստ գերմանական մամուլին Նիւպել պիտի ըլլայ Պայէրնի 33 տարեկան բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրը փոխարինողը: Գերմանացի բերդապահ Նիւպել 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Շալքէին:

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Պարտուեցաւ Օքլահոմայի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրը եղաւ Օքլահոմա Սիթիին, կրեց 113-92 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռոքեթցէն Ռասըլ Ուեսթպրուք (34): Թրիսթըն Թոմսըն (աջին) Տիթրոյիթի մէջ, Փիսթընզ երկարաձգումէն ետք երեք կէտի տարբերութեամբ, պարտուեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզէն` 115-112 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Թրիսթըն Թոմսըն նշանակեց 35 կէտ: Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 109-98 արդիւնքով...

Որոշուեցաւ Լիբանանի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւնները Շարունակել… Առանց Համակիրներու

Երէկ` հինգշաբթի, 9 յունուարին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիա, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա եւ այլ մարզական պատասխանատուներ, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ: Ժողովականները համաձայնեցան...

Պասքեթպոլ. Տուպայի 31-րդ Միջազգային Մրցաշարքին Մասնակցող Խումբերը Յստակացան

23 յունուարէն 1 փետրուար տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքը: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մասնակցող խումբերը յստակացան: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռիատի, Պէյրութ (Լիբանան), Իթթիհատ-Ուասպէ (Սուրիա), Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս), Ժամհիեթ Սալա (Մարոք), Ահլի-Թրիփոլի (Լիպիա), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ, Ամերիկեան համալսարան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիններ), Մայթի Սփոր (Ֆիլիփեան կղզիներ): Մրցաշարքին մասնակցող իւրաքանչիւր խումբ կրնայ իր կազմին մէջ առնել երեք...

Դահուկարշաւ. 2020 Տարեշրջանը Կը Սկսի 17 Յունուարին` Փոքրերու Ախոյեանութեամբ

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 2020 տարեշրջանի իր յայտագիրը կը սկսի 17 յունուարին, երբ տեղի կ՛ունենան փոքրերու ախոյեանութեան տարիքային մրցումները` Մազարի շրջանին մէջ (Քֆարզեպիան): Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 14 յունուար, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը: Այս ախոյեանութենէն ետք պիտի կատարուին նաեւ այլ մրցաշարքեր, որոնց մասին ֆետերասիոնը հետագային տեղեակ պիտի պահէ մամուլով:  

Թեքուանտօ. 176 Մարզիկներ Մասնակցեցան Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութեան Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց թեքուանտոյի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ)` մասնակցութեամբ 176 մարզիկներու, որոնք կը կրէին սեւ գօտիներ: Ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ախոյեանութիւնը (յաջորդ հանգրուաններն ալ) պիտի ըլլան զտումի մրցումներ, որոնց ընթացքին ֆետերասիոնը պիտի ընտրէ այն մարզիկները, որոնք 2-6 մարտին Լիբանանի մէջ պիտի մասնակցին Ասիոյ ախոյեանութեան` Լիբանանի ազգային...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա Չկրցաւ Հասնիլ Աւարտականին

Երէկ գիշեր Ապտալլա թագաւորի անուան «Սփորթց Սիթի» մարզադաշտին վրայ (Սէուտական Արաբիա) իրարու դէմ մրցեցան Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ` Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին: Մրցումը աւարտեցաւ Աթլեթիքոյի յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով: Աւարտականին Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դէմ պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտը, որ նախանցեալ օր 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Վալենսիային: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 12 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին` Պէյրութի...

Կամօ Յովհաննիսեան Փորձեր Կը Կատարէ Քայրաթի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան բաւական մօտ է Քայրաթի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելու, կը յայտնէ ղազախական մամուլը: 27 տարեկան ֆութպոլիստը այժմ փորձեր կը կատարէ Քայրաթի հետ: Ան 2019-ին հանդէս եկաւ Ժեթիսուի հետ: Անոր հետ ան կատարեց 27 մրցում, նշանակեց 5 կոլ եւ 3 էսիսթ: 2019-ի աւարտին ան յայտնեց, որ կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը շարունակել այլ խումբի հետ:  

Page 643 of 1279 1 … 642 643 644 … 1,279

Արխիւներ