«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրն էր Մեմֆիս Կրիզլիզին, 20 կէտի տարբերութեամբ` 122-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Այս պարտութիւնը անոր համար եղաւ տարեշրջանի 32-րդը:

Ուորիըրզէն Տանճելօ Ռասըլ նշանակեց 34 կէտ:
Իր կարգին պարտութիւն կրեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզ` 114-104 արդիւնքով, Տենվըր Նակեթցի դաշտին վրայ: Քաուհի Լէոնարտ (Քլիփըրզ) նշանակեց 30 կէտ: