Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թոթենհամի դաշտին վրայ:

Պրազիլցի յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ նշանակեց յաղթական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը (37-րդ)` 61 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիվըրփուլ Եւրոպայի հինգ յառաջատար ախոյեանութիւններուն (Անգլիա, Սպանիա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Ֆրանսա) մրցանիշ մը հաստատեց, որովհետեւ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ 20 յաղթանակ կ՛արձանագրէ տարեշրջանի առաջին 21 մրցումներուն ընթացքին:
Օգտուելով Լայսթըր Սիթիի կրած պարտութենէն (Սաութհեմփթընէն` 2-1 արդիւնքով), Մանչեսթըր Սիթի բարձրացաւ երկրորդ դիրք, Ասթոն Վիլայի դաշտին վրայ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:

Արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ հեթրիք մը իրագործեց (28-րդ, 57-րդ եւ 81-րդ):
Սիթի այժմ 14 կէտով ետ կը մնայ Լիվըրփուլէն:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նորուիչը (20-ՐԴ): Մարքուս Ռեշֆորտ տուպլէ մը իրագործեց (27-րդ եւ 52-րդ):
Արսենալ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը հեռացաւ Քրիսթալ Փալասի դաշտէն: Արսենալի կոլը նշանակած Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ (12-րդ) օրուան իրաւարարին կողմէ 67-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: