Մարզական

Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ձմեռնային Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ… Յառաջիկայ Տարուան

Երէկ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 13-15 մարտին տեղի ունենալիք 2020-ի աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի չունենայ: Անիկա յետաձգուած է յառաջիկայ տարուան` 2021-ին: Չինաստանի մէջ կատարուելիք այս ախոյեանութիւնը ջնջուած է` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով կ՛արձանագրուին մեծ թիւով զոհեր: Միջազգային ֆետերասիոնը այս ախոյեանութեան նոր թուական մը չուզեց ճշդել` նկատի ունենալով, որ այս տարի ողիմպիական խաղերը...

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ – Երեւան Կը Զօրացնէ Իր Կազմը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն մէջ ելոյթ ունեցող Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի կազմին միացան երկու նոր ֆութպոլիստներ: Երեւանեան ակումբը պայմանագրութիւններ ստորագրեց պրազիլցի 20 տարեկան յետսապահ Ռաֆայէլ Էնրիքէի եւ ռուս բերդապահ Եւգենի Կոպոզեւի հետ: 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Լոռին, որ ունի 28 կէտ: 27-ական կէտ ունին Արարատ-Արմենիա, Ալաշկերտ եւ Արարատ-Երեւան:

Ֆութսալ. Եւրօ-2020. Հայաստան – Պելճիքա` 2-5

Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը եւրօ-2020-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը սկսաւ պարտութեամբ, երբ կրեց 5-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-2) պարտութիւն մը, Բ. խմբակին մրցումները հիւրընկալող երկրէն` Պելճիքայէն: Նոյն խմբակին մէջ կատարուած երկրորդ մրցումին, Մոնթենեկրօ 9-2 արդիւնքով յաղթեց Սկովտիոյ:

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Թիւ 1 Դասուած Պարթի Դուրս Մնաց.  Ճոքովիչ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ֆետերերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Թիւ 1 Դասուած Պարթի Դուրս Մնաց. Ճոքովիչ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ֆետերերը

Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումները, ինչպէս նաեւ տղոց կիսաւարտականի մրցում մը: Էշլի Պարթի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Սոֆիա Քենըն, որ դասուած է 14-րդ, ստեղծեց մեծ անակնկալ մը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով թիւ 1 դասուած Էշլի Պարթին (Աւստրալիա)` անոր դէմ արձանագրելով 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:...

Անգլիական Ֆութպոլ. Եունայթըտ Յաղթեց, Բայց… Դուրս Մնաց

Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, 1 մարտին իրարու դէմ կը մրցին Մանչեսթըր Սիթի եւ Ասթոն Վիլա: Մանչեսթըր Սիթի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, մինչ Ասթոն Վիլա` Լայսթըր Սիթին: Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած կիսաւարտականի դարձի մրցումին, թէեւ Եունայթըտ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, սակայն նկատի ունենալով, որ երթին կրած էր 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, չկրցաւ հասնիլ աւարտականին:...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Հերթա Պերլին – Շալքէ Եւ Ռենն – Նանթ

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու ճակատումներ: «Պունտըսլիկա»-ի (Գերմանիա) 20-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, Հերթա Պերլին կը հիւընկալէ Շալքէն: Շալքէ 33 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը, մինչ Հերթա Պերլին 22 կէտով` 13-րդ դիրքը: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 22-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն, Նանթ (6-րդ) հիւրը կ՛ըլլայ Ռեննի (3-րդ):...

Քաւանիի Աթլեթիքօ Մատրիտ Տեղափոխութիւնը Ձախողեցաւ

Ֆրանսական «Լ՛էքիփ» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանիի Աթլեթիքօ Մատրիտ տեղափոխութիւնը ձախողած է: Նոյնիսկ աշխատավարձի նուազեցում ուզած ուրուկուէյցիին շուրջ երկու ակումբներուն միջեւ համաձայնութիւն չէ կատարուած: Նշուեցաւ, որ սպանական ակումբը առաջարկած է 18 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ յաւելավճարներ, սակայն ֆրանսական մայրաքաղաքի կազմը մերժած է այդ առաջարկը:

«Էն. Պի. Էյ.». Պլէյզըրզի Յաղթանակը Եւ Լիլարտի Առաջին Թրիփըլ Տապըլը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ իր դաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրեց` 125-112 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիուսթըն Ռոքեթցը: Վերջին երկու մրցումներէն բացակայած Ճէյմս Հարտեն այս մրցումին վերադարձաւ իր կազմին` Ռոքեթցի հետ: Տեմիըն Լիլարտ (աջին)` երէկուան մրցումին ընթացքին Յաղթական կազմէն Տեմիըն Լիլարտ այս մրցումին իրագործեց իր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին թրիփըլ տապըլը (36 կէտ,...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Իրաքի Եւ Պահրէյնի Դէմ Տեղի Ունենալիք Զտումի Մրցումներուն Պատրաստութիւնները Սկսած Են

Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը` նախագահութեամբ նախագահ Աքրամ Հալապիի, քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն էին Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին կատարելիք յառաջիկայ մրցումները` Ասիա-2021-ի բաժակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: 21 փետրուարին Լիբանան կը մրցի Իրաքի դէմ, իսկ 24 փետրուարին` Պահրէյնի դէմ: Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Այս...

Սուսերամարտ. Լիբանան Տիրացաւ Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներու

Թունուզի մէջ տեղի ունեցած Միջերկրականեան երկիրներու սուսերամարտի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Մուսթաֆա Հաժ Լիբանանի համար ապահովեց արծաթ եւ պրոնզ մետալներ: 17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ան իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց, բացի` աւարտական մրցումէն, ուր 15-10 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպանիոյ ախոյեանէն եւ տիրացաւ արծաթ մետալին: Իսկ 15 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ան տիրացաւ պրոնզ մետալին` պարտութիւն մը...

Դահուկարշաւ. Տեղի Ունեցաւ Սնոպորտի 2020-ի Ախոյեանութիւնը` Արզի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Արզի մէջ կատարուեցան Լիբանանի 2020-ի Սնոպորտի ախոյեանութեան մրցումները` բոլոր դասակարգերուն մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերած 22 մարզիկները մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներուն: Այս ախոյեանութիւնը կը նկատուի վարկանշային` յառաջիկային տեղի ունենալիք միջազգային ախոյեանութիւններուն գծով: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին անդամներուն ներկայութեան:  

Հենրիխ Մխիթարեան 9-րդ Անգամ Ըլլալով Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հենրիխ Մխիթարեան 9-րդ Անգամ Ըլլալով Հայաստանի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ֆետերասիոնը ամփոփ հրապարակած է «Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ»-ի 2019 տարուան քուէարկութեան արդիւնքները: 109 կէտ ապահովելով` երկրի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այսպիսով այս մրցանակին կը տիրանայ 9-րդ անգամ ըլլալով: Երկրորդ դիրքը 104 կէտով գրաւեց գերմանական Հոֆընհայմի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, մինչ լաւագոյն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մոհամետ Քատտուհ 6-րդ Մարզիկը, Որ Կը Հեռանայ Ահտէն

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան եւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակակիր Ահտի մարզիկներուն իրենց կազմէն հեռացումը կը շարունակուի: Թունուզցի Ահմետ Աքքէյշիէն, սուրիացի Ահմետ Սալեհէն, կանացի Իսսա Եասքուպոյէն, լիբանանցիներ Մեհտի Խալիլէն եւ Ռապիհ Աթայայէն ետք Մոհամետ Քատտուհ հանդիսացաւ վեցերորդ ֆութպոլիստը, որ կը լքէ Ահտը: Ան միացաւ Ժընտալ խումբին, որ ելոյթ կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:  

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Կրնայ Բացակայիլ Փարիզի Մրցաշարքէն

Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան վնասուածքի պատճառով կրնայ բացակայիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք քանի մը կարեւոր մրցաշարքերէ: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ան 7-8 փետրուարին Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունենալիք կրան փրիէն պիտի բացակայի վնասուածքի պատճառով: Ան վերջերս Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած կրան փրիին վնասած էր իր ձեռքը:

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Կը Մասնակցի Լիզպոնի Բաց Մրցաշարքին

Հայաստանը ներկայացնող Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիզպոնի (Փորթուգալ) ճատրակի բաց մրցաշարքին, կը շարունակէ լաւ արդիւնքներ արձանագրել: 5-րդ հանգրուանէն ետք ան այժմ կը գրաւէ 13-րդ դիրքը` յառաջատարներէն զիջելով միայն կէս կէտով: Մրցաշարքին կը մասնակցին 150 ճատրակ խաղացողներ: 9 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքը կ՛աւարտի 1 փետրուարին:  

Հայկ Իշխանեան Տեղափոխուեցաւ Ղազախական Ակումբ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հայկ Իշխանեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ղազախստանի մէջ` մաս կազմելով Ժեթիսուին: 30 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ: Իշխանեանի վերջին ակումբն էր Ալաշկերտը:  

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք  Աւստրիացի Թիեմ Դուրս Ձգեց Թիւ 1 Դասուած Նատալը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք Աւստրիացի Թիեմ Դուրս Ձգեց Թիւ 1 Դասուած Նատալը

Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ամբողջացան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումները, երբ կատարուեցան երկուքական ճակատումներ: Նատալ (ձախին) եւ Թիեմ 5-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը` արձանագրելով 7-6, 7-6, 4-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը, 4 ժամ...

Ֆլամենկոյի Յետսապահը Փոխ Տրուեցաւ Արսենալին

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող լոնտոնեան Արսենալը հաստատեց, որ իր կազմին միացուց Ֆլամենկոյի յետսապահ Փապլօ Մարին: Թէեւ նշուեցաւ, որ ներկայ դրութեամբ սպանացի ֆութպոլիստը փոխ տրուեցաւ Արսենալին, սակայն նաեւ ընդգծուեցաւ, որ կողմերը համաձայնութեան եկած են այն կէտին շուրջ, որ Արսենալ անոր վարձակալութեան աւարտէն ետք անոր ամբողջական փոխանցման իրաւունքը պիտի գնէ: Պրազիլական Ֆլամենկօ ակումբին հետ Փապլօ Մարի կատարեց 30...

Թիակօ Սիլվա Չ՛ուզեր Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի խմբապետ Թիակօ Սիլվա չ՛ուզեր լքել իր ակումբը, այլ մտադիր է անոր հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, յայտնեց անոր գործակատարը իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին: Բայց եւ այնպէս, եթէ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմը անոր հետ նոր պայմանագրութիւն մը չկնքէ, ան պիտի սկսի նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին: Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ 35 տարեկան ֆութպոլիստին  պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի ընթացիկ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ուորիըրզի 38-րդ Պարտութիւնը.  Լէյքըրզ-Քլիփըրզ Մրցումը Յետաձգուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի 38-րդ Պարտութիւնը. Լէյքըրզ-Քլիփըրզ Մրցումը Յետաձգուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան ութ ճակատումներ: Արեւմտեան շրջանի վերջին դիրքին վրայ գտնուող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրն էր Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, կրեց տարեշրջանի իր 38-րդ պարտութիւնը (միայն 10 յաղթանակի կողքին)` 115-104 արդիւնքով: Տ՛անճելօ Ռասըլ (Ուորիըրզ) նշանակեց 28 կէտ: Քրիս Միտըլթոն Միլուոքի Պաքս 20 կէտի տարբերութեամբ` 151-131 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Քրիս Միտըլթըն (Պաքս) նշանակեց...

Page 633 of 1279 1 … 632 633 634 … 1,279

Արխիւներ