
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը եւրօ-2020-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը սկսաւ պարտութեամբ, երբ կրեց 5-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-2) պարտութիւն մը, Բ. խմբակին մրցումները հիւրընկալող երկրէն` Պելճիքայէն:
Նոյն խմբակին մէջ կատարուած երկրորդ մրցումին, Մոնթենեկրօ 9-2 արդիւնքով յաղթեց Սկովտիոյ: