Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումները, ինչպէս նաեւ տղոց կիսաւարտականի մրցում մը:
Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Սոֆիա Քենըն, որ դասուած է 14-րդ, ստեղծեց մեծ անակնկալ մը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով թիւ 1 դասուած Էշլի Պարթին (Աւստրալիա)` անոր դէմ արձանագրելով 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 46 վայրկեան:
Աւարտականին Քենըն իր դէմ պիտի ունենայ սպանացի Կարպին Մուկուրուցան, որ իր կարգին այլ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 4-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփը` անոր դէմ արձանագրելով 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի տղոց կիսաւարտականի մրցումին, որ իրարու դէմ հանեց 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչը եւ 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը, անիկա վերջ գտաւ սերպ մարզիկին յաղթանակով` 7-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով:
Մրցաշարքին գործող ախոյեանը` 32 տարեկան Ճոքովիչ, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ այսօր տեղի ունենալիք Տոմինիք Թիեմ (Աւստրիա, 5-րդ) – Ալեքսանտր Զվերեւ (Գերմանիա, 7-րդ) մրցումին յաղթականը: