Ֆրանսական «Լ՛էքիփ» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանիի Աթլեթիքօ Մատրիտ տեղափոխութիւնը ձախողած է:
Նոյնիսկ աշխատավարձի նուազեցում ուզած ուրուկուէյցիին շուրջ երկու ակումբներուն միջեւ համաձայնութիւն չէ կատարուած:
Նշուեցաւ, որ սպանական ակումբը առաջարկած է 18 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ յաւելավճարներ, սակայն ֆրանսական մայրաքաղաքի կազմը մերժած է այդ առաջարկը: