Երէկ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 13-15 մարտին տեղի ունենալիք 2020-ի աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի չունենայ:
Անիկա յետաձգուած է յառաջիկայ տարուան` 2021-ին:
Չինաստանի մէջ կատարուելիք այս ախոյեանութիւնը ջնջուած է` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով կ՛արձանագրուին մեծ թիւով զոհեր:
Միջազգային ֆետերասիոնը այս ախոյեանութեան նոր թուական մը չուզեց ճշդել` նկատի ունենալով, որ այս տարի ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան: