Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի խմբապետ Թիակօ Սիլվա չ՛ուզեր լքել իր ակումբը, այլ մտադիր է անոր հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, յայտնեց անոր գործակատարը իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին:
Բայց եւ այնպէս, եթէ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմը անոր հետ նոր պայմանագրութիւն մը չկնքէ, ան պիտի սկսի նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին:
Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ 35 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի ընթացիկ տարեշրջանէն անմիջապէս ետք:
Ան 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ խումբին: