Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Արզի մէջ կատարուեցան Լիբանանի 2020-ի Սնոպորտի ախոյեանութեան մրցումները` բոլոր դասակարգերուն մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերած 22 մարզիկները մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներուն:
Այս ախոյեանութիւնը կը նկատուի վարկանշային` յառաջիկային տեղի ունենալիք միջազգային ախոյեանութիւններուն գծով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին անդամներուն ներկայութեան: