Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ֆետերասիոնը ամփոփ հրապարակած է «Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ»-ի 2019 տարուան քուէարկութեան արդիւնքները:
109 կէտ ապահովելով` երկրի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այսպիսով այս մրցանակին կը տիրանայ 9-րդ անգամ ըլլալով:
Երկրորդ դիրքը 104 կէտով գրաւեց գերմանական Հոֆընհայմի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, մինչ լաւագոյն եռեակը 61 կէտով ամբողջացուց ղազախական Ասթանայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան:
Ինչ կը վերաբերի լաւագոյն մարզիչի մրցանակին, անոր տիրացաւ Արարատ-Արմենիայի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան (119 կէտով): Ան հինգերորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ անոր:
84 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց Արմէն Գիւլբուդաղեանց, իսկ երրորդ հանդիսացաւ (67 կէտով) Շիրակ Գիւմրիի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեան: