Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն մէջ ելոյթ ունեցող Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի կազմին միացան երկու նոր ֆութպոլիստներ:
Երեւանեան ակումբը պայմանագրութիւններ ստորագրեց պրազիլցի 20 տարեկան յետսապահ Ռաֆայէլ Էնրիքէի եւ ռուս բերդապահ Եւգենի Կոպոզեւի հետ:
15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Լոռին, որ ունի 28 կէտ: 27-ական կէտ ունին Արարատ-Արմենիա, Ալաշկերտ եւ Արարատ-Երեւան:



