Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը` նախագահութեամբ նախագահ Աքրամ Հալապիի, քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն էին Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին կատարելիք յառաջիկայ մրցումները` Ասիա-2021-ի բաժակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
21 փետրուարին Լիբանան կը մրցի Իրաքի դէմ, իսկ 24 փետրուարին` Պահրէյնի դէմ:
Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Այս առիթով Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը բոլոր համակիրներուն կոչ ուղղելով` շեշտեց այս երկու մրցումներուն ներկայ գտնուելու անհրաժեշտութիւնը: