Հայաստանը ներկայացնող Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիզպոնի (Փորթուգալ) ճատրակի բաց մրցաշարքին, կը շարունակէ լաւ արդիւնքներ արձանագրել:
5-րդ հանգրուանէն ետք ան այժմ կը գրաւէ 13-րդ դիրքը` յառաջատարներէն զիջելով միայն կէս կէտով:
Մրցաշարքին կը մասնակցին 150 ճատրակ խաղացողներ:
9 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքը կ՛աւարտի 1 փետրուարին: