Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան վնասուածքի պատճառով կրնայ բացակայիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք քանի մը կարեւոր մրցաշարքերէ:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ան 7-8 փետրուարին Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունենալիք կրան փրիէն պիտի բացակայի վնասուածքի պատճառով: Ան վերջերս Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած կրան փրիին վնասած էր իր ձեռքը: