Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, 1 մարտին իրարու դէմ կը մրցին Մանչեսթըր Սիթի եւ Ասթոն Վիլա:
Մանչեսթըր Սիթի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, մինչ Ասթոն Վիլա` Լայսթըր Սիթին:
Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած կիսաւարտականի դարձի մրցումին, թէեւ Եունայթըտ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, սակայն նկատի ունենալով, որ երթին կրած էր 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, չկրցաւ հասնիլ աւարտականին:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 21-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ուեսթ Համի (17-րդ) դաշտէն:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ ոչ միայն մնաց ցարդ անպարտելի միակ խումբը, այլեւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տարեշրջանի մը ընթացքին յաղթեց իր բոլոր մրցակիցներուն:
Այժմ Լիվըրփուլ առաւելագոյն 72 կէտէն ապահոված է 70 կէտ եւ բաւական հանգիստ ձեւով բազմած պարագլուխի դիրքին վրայ` 19 կէտի լայն առաւելութիւն մը ունենալով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանը հանդիսացող Մանչեսթըր Սիթիի վրայ:



