Մարզական

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Ճոքովիչ 8-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր Մելպուռնի Մէջ

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ճոքովիչ 8-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր Մելպուռնի Մէջ

Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող տարուան առաջին թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքը, երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ կատարուեցաւ սպասուած ճակատումը 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի եւ 5-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմի միջեւ: Շուրջ չորս ժամ տեւած բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Ճոքովիչ 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին` արձանագրելով 6-4, 4-6, 2-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով քիչ մը...

«Փրեմներ-Լիկ». Լիվըրփուլ 22 Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ աւելի ամուր կառչած մնաց իր դիրքին եւ ունեցաւ... 22 կէտի հսկայ առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` երկրին գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի վրայ, որ Թոթենհամի դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Թոթենհամի յաղթական մարզիկները Օլեքսանտր Զինչենքոյի կարմիր քարտ ստանալէն ետք (60-րդ), Թոթենհամ...

«Քալչիօ». Ռոնալտոյի Տուպլէն Նպաստեց Եուվենթուսի Յաղթանակին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, ամրապնդեց իր դիրքը` 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր հիւրին` Ֆիորենթինայի դէմ: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տուպլէ մը իրագործեց (40-րդ` փենալթիով եւ 80-րդ` փենալթիով), մինչ հոլանտացի Մաթիաս տը Լիկթ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+1) նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը: Ռոնալտօ, որ այսպիով իր ակումբին հետ նշանակեց իր...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Էրլինկ Հաալանտ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 20-րդ հանգրուանին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Մայնց-05-ի դաշտէն, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Պայէրնի կոլերը նշանակեցին Ռոպերթ Լեւանտովսքի (8-րդ), Թոմաս Միւլըր (14-րդ) եւ Թիակօ (26-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն, որ ունեցաւ 42 կէտ, այժմ կէտի մը առաւելութեամբ կը գերազանցէ Լայփցիկը, որ իր...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Մրցաշարք. Ռիատի Հասաւ Աւարտականին, Ուր Այսօր Կը Մրցի Մայթի Սփորթցի Դէմ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային 31-րդ մրցաշարքը այսօր` շաբաթ, 1 փետրուարին, կը հասնի իր աւարտին, երբ ժամը 18:00-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցումը` Ռիատիի (Լիբանան) եւ Մայթի Սփորթցի (Ֆիլիփեան կղզիներ) միջեւ: Ռիատի երէկ աւարտականին իր տոմսը ապահովեց քիչ մը դժուարութեամբ, երբ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 91-90 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին, իսկ Մայթի Սփորթց յաղթեց Սալային (80-76): Կիսաւարտականին պարտուած...

Թեքուանտօ.  Լիբանան Տիրացաւ 8 Գունաւոր Մետալներու

Թեքուանտօ. Լիբանան Տիրացաւ 8 Գունաւոր Մետալներու

Լիբանանի թեքուանտոյի ազգային խումբը, որ Ֆուժէյրայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր մասնակցութիւնը կը բերէ թեքուանտոյի Արաբական ախոյեանութեան, իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացաւ 8 գունաւոր մետալներու (3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ): Լիբանանի համար ոսկի մետալ ապահովողները հանդիսացան Լեթիսիա Աուն, Ալի Հիւսէյնի եւ Ուարտ Սլէյման (Մոն Լա Սալ): Արծաթ մետալի տիրացան Օպէյտա Ֆարաժ (Լիուա Ռաֆիտ) եւ Մարք Զէյնուն (Շանվիլ):...

Ըմբշամարտ. Էդուարդ Սահակեան. «Եւրոպայի Կազմը Ընտրեցինք Բոլոր Մարզիչներուն Հետ»

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Էդուարդ Սահակեան յայտարարեց, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող կազմը ընտրուեցաւ բոլոր մարզիչներուն հետ խորհրդակցելէ ետք: Ան ըսաւ, որ Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք այլ մրցաշարքերու գծով կրնան պատահիլ փոփոխութիւններ, ըստ մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքներուն: Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, 10-16 փետրուարին: Հայաստանի հաւաքականին կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ ըմբիշներէն. Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Գէորգ...

Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Յիշատակին Նուիրուած Յուշամրցաշարքը Տեղի Պիտի Ունենայ Երեւանի Մէջ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը 20-30 յունիսին Երեւանի մէջ կը կայացնէ Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 9 հանգրուանով: Մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 11 միլիոն դրամ: Կարէն Ասրեան 1998-էն ի վեր միջազգային կարգի կրանտմասթըր էր: 9 յունիս 2008-ին ան յանկարծամահ եղաւ` ուղեղային կաթուած մը ունենալով: Ան կեանքէն հեռացաւ իբրեւ համաշխարհային ողիմպիականի եւ...

Թիֆլիսի Մէջ. Հայաստանի Եւ Վրաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոններու Նախագահներուն Միջեւ Հանդիպում

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած են Վրաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլիի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու հետ: Կողմերը քննարկեցին իրարու միջեւ համագործակցութեան ապագայի ծրագիրներ եւ փոխյարաբերութիւններու սերտացման կարելիութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ֆութպոլի տարիքային մրցաշարքեր կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Ախոյեանութեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ տղոց Ա. լիկայի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը` Գիւմրի-Ուրարտու մրցումին: Ուրարտու այս մրցումին յաղթեց 143-80 արդիւնքով: Նոր մրցանիշը հաստատուեցաւ ոչ թէ արձանագրուած արդիւնքին պատճառով, այլ  շնորհիւ Մեթիու Մատոյեանին (Ուրարտու), որ այս մրցումին նշանակեց... 81 կէտ: Նշենք, որ ախոյեանութեան յառաջատարն է Արագած: Անոր կը յաջորդէ Ուրարտու, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ...

Ֆութսալ. Եւրօ-2022. Այսօր` Հայաստան – Սկովտիա

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պելճիքայի մէջ տեղի ունեցող եւրօ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց Պելճիքայէն, սակայն երկրորդ մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մոնթենեկրոյի դէմ: Վերջին` երրորդ մրցումին, այսօր` շաբաթ, 1 փետրուարին, Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սկովտիա:  

real madrid vs atletico madrid_13120

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Գագաթի Ճակատումը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ ամէնէն հետաքրքրական եւ գագաթի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ, երբ մատրիտեան տերպիի մրցումին Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Պարսելոնա իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը` հիւրընկալելով Լեվանթէն: Իտալիոյ եւ Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան ոչ այդքան զօրաւոր ճակատումներ: Գերմանիոյ մէջ. բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ Լայփցիկ - Մէօնշընկլատպախ մրցումը: Ստորեւ`...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք Աւստրիացի Թիեմ Հասաւ Աւարտականին

Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին: Շաբաթավերջին կը կատարուին տղոց եւ աղջկանց աւարտականի մրցումները: Երէկ աւարտական հանգրուան հասնող վերջին մարզիկը եղաւ 5-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ, որ 3-6, 6-4, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 7-րդ դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ: Մրցումը տեւեց 3 ժամ...

Մարսելօ Իւրայատուկ Նուաճումի Հասաւ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, իր ակումբին հետ  կատարած մրցումներուն գծով հասաւ իւրայատուկ նուաճումի: Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով (Քոփա Տել Ռէյ), քանի մը օր առաջ, Ռէալ Սարակոսայի դէմ կատարուած մրցումին, ան իր կազմին հետ կատարելով իր 500-րդ մրցումը, կրկնեց ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռոպերթօ Քարլոսի հաստատած մրցանիշը: Այսպիսով, վերոնշեալ երկու պրազիլցի ֆութպոլիստները արքայական ակումբին հետ կատարած են 500...

Մանչեսթըր Եունայթըտի Յետսապահը Տեղափոխուեցաւ Էսթուտիանթես

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի արժանթինցի յետսապահ Մարքոս Ռոխօ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ արժանթինեան Էսթուտիանթես ֆութպոլի խումբին: Ռոխոյի հետ անձամբ բանակցած է  Էսթուտիանթեսի նախագահ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին ֆութպոլիստ Խուան Սեպասթիան Վերոն: 29 տարեկան Ռոխօ անգլիական կազմին միացած էր 2014-ին:

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի Պարտութիւններու Շարքը Կը Շարունակուի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Թորոնթօ Ռեփթըրզ, 115-109 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի դաշտէն: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց այլ պարտութիւն մը (տարեշրջանի 39-րդը), երբ 119-104 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Պոսթըն Սելթիքսի դաշտէն: Տ՛անճելօ Ռասըլ (Ուորիըրզ) բաւականացաւ 22 կէտով: Թրայէ Եանկ Աթլանթա Հոքս տասը կէտի տարբերութեամբ` 127-117 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին:...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Մրցաշարք. Այսօր` Ռիատի-Հուփս Կիսաւարտականի Ճակատումը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները կը կատարուին այսօր` ուրբաթ, 31 յունուարին: Ռիատի - Պէյրութ մրցումէն Ռիատի, որ մրցաշարքին 2019-ի տիտղոսակիրն է, երէկ իր տոմսը ապահովեց` 85-74 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Պէյրութի դէմ: Այսօր, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ռիատի իր դէմ կ՛ունենայ Հուփսը, որ երէկուան իր յաղթանակը արձանագրեց Ռատեսիի (Թունուզ) դէմ` 82-78 արդիւնքով:...

Պասքեթպոլ. «Պան-Քօ» Մրցաշարքը Հասաւ Կիսաւարտական Հանգրուան

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ընկերութիւններու եւ դրամատուներու «Պան-քօ» 6-րդ պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ կիսաւարտական հանգրուան: Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, «Լուպնան Ուալ Մահժար» դրամատունը յաղթեց «Ֆաթթալ»-ին, «Մայք Սփոր»` Կեդրոնական դրամատան, «Լիբանանեան-ֆրանսական դրամատուն»-ը` «Մորիքս»-ին, իսկ «Աուտէ» դրամատունը` Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին: Կիսաւարտականի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ «Աուտէ» կը մրցի «Մայք սփոր»-ի դէմ, իսկ «Լուպնան...

Լողարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2019 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2019 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Թոնի Նասսար եւ այլ անդամներ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ակումբներու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները: Իր խօսքին մէջ, Նասսար, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիր լողորդները, անոնց յաջողութիւն մաղթեց...

Կռփամարտ. Մեհրաբեան. «Յոյս Ունինք Նուազագոյնը Ողիմպիականի Երեք Տոմս Ապահովել»

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրաբեան յայտարարեց, որ ինք մեծ յոյսով է, որ թէ՛ Լոնտոնի եւ թէ՛ Փարիզի մրցաշարքերուն, հայրենի կռփամարտիկները ողիմպիականի երեք տոմսերու կրնան տիրանալ: Հաւաքականը 2 փետրուարին պիտի մեկնի Ուքրանիա, ուր հաւաք պիտի կատարէ Չեխիոյ, Լեհաստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ երկրորդ հաւաքականներուն հետ: Հայրենի կազմը 17-18 փետրուարին բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ, իսկ 19 փետրուարին պիտի վերադառնայ Երեւան: Հաւաքին...

Page 632 of 1279 1 … 631 632 633 … 1,279

Արխիւներ