Մարզական

Վաչէ Ծատուրեան Կը Ստանձնէ Ֆրանսախօս Երկիրներու Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահի Պաշտօնը

Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ ռուանտացի Էմապլ Պայինկանա յունուար ամսուան ընթացքին ներկայացուց իր հրաժարականը անձնական պատճառներով: Ֆետերասիոնին ներքին կանոնագիրին հիման վրայ, առաջին փոխնախագահ Վաչէ Ծատուրեան կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը մինչեւ յաջորդ տարեկան ընդհանուր ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին, Զուիցերիոյ մէջ: Նշենք, որ սոյն ֆետերասիոնը հիմնուեցաւ 2014-ին, Ֆրանսայի մէջ, եւ այդ թուականէն սկսեալ Ծատուրեան մաս կը կազմէր գործադիր մարմինին:

Պասքեթպոլ. Տուպայի Մրցաշարք. Լիբանանեան Երեք Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին վեցերորդ օրը, երէկ լիբանանեան երեք խումբերուն համար ալ եղաւ ոչ այդքան լաւ օր մը` նկատի ունենալով, որ անոնք երեքն ալ պարտուեցան: Հուփս պարտուեցաւ Սալայէն, Ռիատի` Ուասպէէն, իսկ Պէյրութ` Մայթի Սփորթցէն: Նշենք, որ հակառակ իրենց կրած պարտութիւններուն, Ռիատի եւ Հուփս ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը, մինչ Պէյրութ կը մնայ սպասողական վիճակի մէջ:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ – Ահտ Մրցումը` Համակիրներով

«Ֆորթին» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը կազմակերպող յանձնախումբը յայտնեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 30 յունուարին, տեղի ունենալիք Նըժմէ - Ահտ մրցումը, որ պիտի կատարուի առաջինին դաշտին վրայ, տեղի պիտի ունենայ երկու խումբերուն համակիրներուն ներկայութեամբ: Յայտարարուեցաւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն յատուկ խնդրագիր մը պիտի ուղարկուի, որպէսզի անոնք տիրական ներկայութիւն ըլլան երկու թրիպիւններուն վրայ եւ դաշտի մուտքին, որպէսզի հսկեն կարգ ու կանոնին եւ ապահովութեան: Նշուեցաւ,...

Լողարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 24 ակումբներէ 18-ին ներկայութեան: Ժողովականները վաւերացուցին վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները եւ քննարկեցին 2020 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն յայտագիրը: Ժողովին մասնակցող ակումբներուն ներկայացուցիչները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին գործակցելու ֆետերասիոնին հետ, որպէսզի այս մարզաձեւը, միշտ յառաջխաղացք արձանագրէ, իսկ լիբանանցի լողորդները արձանագրեն փայլուն արդիւնքներ,...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Անտորրա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքրերու դահուկարշաւի ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Անտորրա: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշել Շաքեր, իսկ անոր մաս կը կազմեն տասը մարզիկներ (5 տղաք եւ 5 աղջիկներ):  

Թեքուանտօ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Մոն Լա Սալ Իր Մօտ Պահեց Տղոց Եւ Աղջկանց Տիտղոսները

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի թեքուանտոյի 2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան Գ. եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Անոնց աւարտին Մոն Լա Սալ իր մօտ պահեց տղոց եւ աղջկանց տիտղոսները` գերազանցելով տարբեր ակումբները, որոնք բնականաբար իրենց կարգին փորձեցին պայքար մղելով դառնալ տիտղոսակիր: Մոն լա Սալ ակումբը իր կազմին մէջ ունի անուանի մարզիկներ, որոնք մաս կը կազմեն Լիբանանի ազգային...

Թեքուանտօ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Լիբանանի թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Ֆուժէյրա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար թեքուանտոյի արաբական ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆուժէյրայի միջազգային բաց մրցաշարքին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար մասթըր Մարք Հարպ: Խումբին հետ է նաեւ մարզիչ մասթըր Ռալֆ Հարպ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն տարբեր ակումբներէ 9 երկսեռ մարզիկներ, որոնց կ՛ընկերանան նաեւ կարգ մը մարզիկներուն ծնողները:...

Մելիքբէկեան Ներկայ Գտնուեցաւ Մարզիչներու Գ. Կարգի Դասընթացքի Մեկնարկին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ մարզիչներու Գ. կարգի դասընթացքը: Անոր մեկնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան: Մելիքբէկեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Այս դասընթացքները կը նկատուին շատ կարեւոր, ոչ թէ որովհետեւ անոր աւարտին անոր մասնակցողները պիտի ստանան ՖԻՖԱ-ին կողմէ յատուկ վկայագիրներ, այլ որովհետեւ անոնք պիտի պատրաստեն ապագայի ֆութպոլի աստղեր»:...

Ըմբշամարտ. Հայրենի Երիտասարդ Ըմբիշները Մետալակիր` Ուքրանիոյ Մէջ

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանը ներկայացնող երիտասարդ ըմբիշները մետալներու տիրացած են Ուքրանիոյ միջազգային մրցաշարքին: Եւգենի Թրուխինի անուան յուշամրցաշարքին մասնակցած են 8 երկիրներու ըմբիշներ, այդ երկիրներու կարգին եղած է նաեւ Հայաստան` 10 ըմբիշով: Պրոնզէ մետալներու տիրացած են Արման Վարդանեան (60 քկ), Ռաֆիկ Միխէեւ (77 քկ) եւ Ռազմիկ Քուրդեան (130 քկ):

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Ֆետերեր, Ճոքովիչ, Պարթի Եւ Քենըն Ապահովեցին Կիսաւարտական Իրենց Տոմսերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ֆետերեր, Ճոքովիչ, Պարթի Եւ Քենըն Ապահովեցին Կիսաւարտական Իրենց Տոմսերը

Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող տարուան առաջին կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ կատարուեցան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի երկուքական մրցումներ: Մնացեալ մրցումները կը կատարուին այսօր: Էշլի Պարթի Աղջկանց մրցումներուն թիւ 1 դասուած աւստրալիացի Էշլի Պարթի ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով չեխ Փեթրա Քվիթովայի դէմ: Կիսաւարտականին ան իրեն մրցակից պիտի ունենայ ամերիկացի Սոֆիա Քենինը,...

«Լա Լիկա». Պէյլ Կրնայ Մասնակցիլ Աթլեթիքօ Մատրիտի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին. Էտեն Հազար` Ոչ

Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ եւ պելճիքացի յառաջապահ Էտեն Հազար կը շարունակեն ապաքինիլ իրենց ստացած վնասուածքներէն: Ըստ արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան, Պէյլ բաւական ապաքինած ըլլալով կրնայ մասնակցիլ շաբաթ, 1 փետրուարին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումին (22-րդ հանգրուան): Սակայն Հազար, որ իր փորձերը կը կատարէ անհատական ծրագիրով, յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու...

«Քոփա-Տել-Ռէյ». Այսօր` Ռէալ Սարակոսա – Ռէալ Մատրիտ

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին` «Քոփ Տել Ռէյ»-ի 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր չորեքշաբթի, 29 յունուարին, Ռէալ Մատրիտ հիւրը կ՛ըլլայ Ռէալ Սարակոսային: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Պարսելոնա իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը (նոյն ժամուն), երբ հիւրընկալէ Լեկանեսը:

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց, Էրիք Կորտըն Նշանակեց 50 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ: Մինեսոթա Վուլվզ, որ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզին, անկէ կրեց 133-129 արդիւնքով պարտութիւն մը` երկարաձգումէն ետք: Յաղթական կազմէն Պատի Հիլտ նշանակեց 42 կէտ, մինչ Վուլվզէն Էնտրու Ուիկինզ` 36 կէտ: Էրիք Կորտըն Եութա Ճեզ, որ հիւրընկալեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, կրեց 126-117 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յաղթական կազմէն Էրիք Կորտըն նշանակեց 50 կէտ: Մայեմիի...

ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Ֆութպոլի Մրցաշարքը Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Ֆութպոլի Մրցաշարքը Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի յանձնախումբին (ակադեմիային), կիրակի, 26 յունուարին իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի հետեւեալ մասնաճիւղերը. Պուրճ Համուտ, Ռաուտա, Ֆանար, Անթիլիաս, Այնճար եւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան: Երկու ամսուան վրայ երկարած այս մրցաշարքը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Մրցաշարքին մասնակցող...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Մրցաշարք. Ռիատի Յաղթեց Հուփսին. Պէյրութի Երկրորդ Պարտութիւնը

Ֆետի Խաթիպ (աջին)` երէկուան մրցումին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին հինգերորդ օրը, երէկ կատարուած լիբանանեան ճակատումը` Ռիատիի եւ Հուփսի միջեւ, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 94-82 արդիւնքով: Ասիկա Ռիատիի չորրորդ յաջորդական յաղթանակն էր: Յաղթական կազմէն Մայք Էֆիպրա նշանակեց 27 կէտ: Լիբանանի երրորդ ներկայացուցիչը` Պէյրութ, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբէն, 93-78 արդիւնքով: Յաղթական...

Նախքան Ուղղաթիռին Արկածը. Օդաչու Արա Զոբոյեան Կրցած Է Անոր Ուղղութիւնը Շեղել Բնակելի Թաղամասէն

Ամերիկեան «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԷՖ. ԷՅ. ԷՅ.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ յայտնեց, որ անուանի պասքեթպոլիստ, 41 տարեկան ամերիկացի Քոպի Պրայընթի ուղղաթիռին ամերիկահայ օդաչուն` Արա Զոբոյեան, անոր ջախջախումէն առաջ վերջին պահուն կրցած է անոր ուղղութիւնը փոխել Լոս Անճելըսի մէկ արուարձանին բնակելի թաղամասէն: Ցարդ յստակ չէ, թէ անիկա թեքնիք խանգարումի պատճառո՞վ ջախջախուած է: Սակայն կը նշուի, որ զօրաւոր մառախուղին պատճառով չեն կրցած օդաչուին հետ կապ...

Ֆութպոլ. Հայաստանի Աղջկանց 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզահաւաք Կը Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի աղջկանց 17 տարեկանէն վար հաւաքականը 29 յունուարէն 1 փետրուար ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ պիտի կատարէ մարզահաւաք մը: Խումբին գլխաւոր մարզիչն է Քնարիկ Գրիգորեան, որ նկատի առած է 24 ֆութպոլիստներ:            

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Պելճիքա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Պելճիքայի մէջ կատարուելիք Եւրօ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, երէկ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի, մեկնեցաւ մրցասպարէզ: Նազարէթեանի կողմէ նկատի առնուեցան 14 ֆութպոլիստներ: Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պելճիքան, Մոնթենեկրոն եւ Սկովտիան:

Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ». Ֆապիանօ Քարուանա` Առաջին

Ամերիկացի կրանտմասթըր Ֆապիանօ Քարուանա իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ հոլանտական Վիյք Աան Զիի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` 2 կէտով գերազանցելով աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընին: Ան առաւելագոյն 13 կէտէն ապահովեց 10 կէտ (7 յաղթանակ, 6 հաւասարութիւն): Երկրորդ դիրքը 7,5 կէտով գրաւեց ամերիկացի Ուեսլի Սօ: Վերջին երկու տարիներու ախոյեանն էր...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Նատալ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը. Մետվետեւ Դուրս Մնաց

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Նատալ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը. Մետվետեւ Դուրս Մնաց

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց Դ. հանգրուանի մրցումները: Թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-3, 3-6, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսի դէմ (23-րդ): Քառորդ աւարտականին Նատալ իր դէմ պիտի ունենայ աւստրիացի Տոմինիք Թիեմը (5-րդ), որ երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց 10-րդ...

Page 634 of 1279 1 … 633 634 635 … 1,279

Արխիւներ