Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան եւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակակիր Ահտի մարզիկներուն իրենց կազմէն հեռացումը կը շարունակուի:
Թունուզցի Ահմետ Աքքէյշիէն, սուրիացի Ահմետ Սալեհէն, կանացի Իսսա Եասքուպոյէն, լիբանանցիներ Մեհտի Խալիլէն եւ Ռապիհ Աթայայէն ետք Մոհամետ Քատտուհ հանդիսացաւ վեցերորդ ֆութպոլիստը, որ կը լքէ Ահտը:
Ան միացաւ Ժընտալ խումբին, որ ելոյթ կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: