Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Լացիօ Ռոմա – Ինթեր Միլան Գագաթի Ճակատումը` Կիրակի, 16 Փետրուարին
Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կան շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ: Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի պարագային պարագլուխի դիրքերուն համար պայքար չկայ: Սակայն տարբեր է պարագան Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ, ուր բաւական սուր մրցակցութիւն կայ Եուվենթուսի եւ Ինթեր Միլանի (Իտալիա), Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի (Սպանիա), ինչպէս նաեւ, Պայէրն Միւնիխի եւ Լայփցիկի (Գերմանիա) միջեւ: Նշենք, որ կիրակի օր տեղի ունենալիք...



