«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ մրցումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսին, արձանագրեց տարեշրջանի իր 34-րդ յաղթանակը` 116-105 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 42 կէտ, մինչ անոր խմբակից` Ռասըլ Ուեսթպրուք տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (36 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը, արձանագրեց 110-103 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Պեն Սայմընս թրիփըլ-տապըլ մը արձանագրեց (26 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Զեք Լաւին թէեւ նշանակեց 41 կէտ, բայց անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ` 126-114 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուաշինկթընի մէջ, դաշտին տիրոջմէն` Ուիզըրտծէն:
Նիւ Օրլինզ յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին (138-117), իսկ վերջին մրցումին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ` Օքլահոմս Սիթիին (114-106):