Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ռեճիօ Էմիլիայի մէջ (Իտալիա), «Ֆեռարի» պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր ինքնաշարժը, որ պիտի մասնակցի «Ֆորմիւլա»-1-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ տարեշրջանի առաջին կրան փրին տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 15 մարտին, Մելպուրնի մէջ (Աւստրալիա):
«Ֆեռարի» ընկերութիւնը, իր այս նոր ինքնաշարժը կոչեց «Էֆ. Էֆ.-1000»:
Անիկա իր առաջին փորձերը պիտի կատարէ 19 փետրուարին, Պարսելոնայի մէջ:
Իտալական ընկերութիւնը այդ անունով տուաւ իր այդ ինքնաշարժին` նկատի ունենալով, որ 1950-ին, «Ֆորմիւլա»-1-ի սկսումէն ի վեր, անիկա մի՛շտ ալ ներկայ եղած է եւ այս տարեշրջանին անիկա պիտի կատարէ… իր 1000-րդ մրցումը:
«Ֆեռարի» յայտնեց, որ «Ֆորմիւլա»-1-ի 70-ամեակը յատկանշական է:
Իր կատարած 991 կրան փրիներուն ընթացքին, «Ֆեռարի» արձանագրած է 238 յաղթանակ:
Անոր վարորդը` Սեպասթիան Վեթել ըսաւ, որ անհամբեր կը սպասէ փորձելու համար այս նոր ինքնաշարժը: