Մարզական

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ազատ Ոճի Ախոյեանութիւն. Հայրենի Ըմբիշներուն Ոչ Գոհացուցիչ Արդիւնքները

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ իր աւարտին հասնող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արսէն Յարութիւնեան, 61 քկ դասակարգին մէջ յաջողեցաւ ապահովել պրոնզէ մետալ մը` 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յոյն Ճիորճիոս Փիլիտիսի հետ: Նշենք, որ Յարութիւնեան նախորդ տարի հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան: 125 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Լեւան Բերիանիցէ, չկրցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոնի Խումբը Յաղթեց Ճիաննիսի Կազմին` 157-155 Արդիւնքով

Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Օլ-Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին Լեպրոն Ճէյմսի խումբը երկու կէտի տարբերութեամբ` 157-155 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց եւ պարտութեան մատնեց Ճիաննիս Անթեթոքունմփոյի կազմը: Ճէյմսի կազմի յաղթանակի կողովը նշանակեց Անթոնի Տէյվիս: Անկախ մրցումին արդիւնքէն հանգանակուեցաւ հինգ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը` բարեսիրական նպատակներու համար: Քաուհի Լէոնարտ 30 կէտ նշանակեց Քաուհի Լէոնարտ (Լեպրոնի խումբ), իսկ...

Քալչիօ. Ախոյեանութեան Պայքարը Սրեցաւ Եուվենթուսի, Լացիոյի Եւ Ինթերի Միջեւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Քալչիոյի 24-րդ հանգրուանին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, ախոյեանութեան պայքարը աւելիով սրեցաւ երեք խումբերու միջեւ` Եուվենթուսի, Լացիօ Ռոմայի եւ Ինթեր Միլանի: Երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, Պրեշիայի դէմ իր յաղթանակը արձանագրեց (2-0), առանց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի: Փաուլօ Տիպալա (39-րդ) եւ Խուան Քուատրատօ (75-րդ) նշանակեցին Եուվէի կոլերը, իսկ 37-րդ վայրկեանէն սկսեալ Պրեշիա մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով: Լացիօ Ռոմա - Ինթեր...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ – Լայփցիկ Կէտերու Տարբերութիւնը` Անփոփոխ

Սերժ Կնապրի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխի եւ անոր անմիջական մրցակից Լայփցիկի միջեւ եղող կէտի մը տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար Քէօլնի (4-1) եւ Վերտըր Պրեմընի (3-0) դէմ: Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Պորուսիա Տորթմունտ (3-րդ), որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Կը Կատարուին Երկու Մրցումներ

Աւելի քան երկու ամսուան դադարէ ետք այսօր կը վերսկսի «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը 1-16-րդ հանգրուանի երթին ծիրին մէջ, կայանալիք երկու մրցումներով: Խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումները աւարտած են, եւ այժմ կը սկսին նաք-աութի հանդիպումները: Այսօրուան յայտագիրին վրայ եղող երկու մրցումներն ալ պիտի ըլլան տաք ճակատումներ: Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Տորթմունտին: Վաղուան մրցումներուն Աթալանթա...

Տեմպելէի Համար 2019-2020 Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի համար 2019-2020 տարեշրջանը աւարտեցաւ: Այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ֆինլանտայի մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, վեց ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն: Ան իր փորձերուն պիտի վերսկսի յունիսի վերջը: Ընթացիկ տարեշրջանին ան չորրորդ անգամն ըլլալով վնասուածք ստացաւ: Այդ իսկ պատճառով, ան Պարսելոնայի հետ կատարեց միայն 9 մրցում` նշանակելով...

Լիկ-1. Ամիեն – Փարիզ Սեն Ժերմեն` 4-4

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Լիկ-1-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Ամիենի հետ: Հիւրընկալ կազմը, որ առաջին 40 վայրկեանին 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, ապա ստացաւ չորս կոլ, մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:

Ֆութսալ. Եւրօ-2022. Հայաստանի Մրցակիցը` Պուլկարիա

Շաբաթավերջին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրօ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պուլկարիան: Այս մասին յայտնեց, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ նաեւ, որ երթի մրցումը պիտի կատարուի Պուլկարիոյ մէջ: Մրցումներուն օրերը պիտի յստականան այս շաբաթ:  

Պասքեթպոլ. Ապտալլա Բ. Թագաւորի Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ Տիտղոսին` 71-68 Արդիւնքով Յաղթելով Յորդանանի

Ուրբաթ, 14 փետրուարին իր աւարտին հասաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան տղոց պասքեթպոլի 9-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտականի ճակատումով` հիւրընկալ Յորդանանի եւ Լիբանանի միջեւ: Լիբանան տիրացաւ տիտղոսին` 71-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով բաւական մրցակցային եւ հետաքրքրական այս մրցումին: Նշենք, որ Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցաշարքին տիտղոսին: Առաջինը` 2005-ին: Տիտղոսակիր Լիբանանի մարզիկները, որոնք այս...

Ճատրակ. Լիբանանի Անհատական Դասական Ախոյեանութիւն. Ճիօ Գալուստ Առանց Պարտութեան Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Մրցումներու Իր Տոմսը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, լիբանանեան համալսարանին մէջ (Քոլայի շրջան), նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի ճատրակի անհատական դասական (խառն) ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 80 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ (անոնք կատարուեցան` եօթը օրերու տեւողութեամբ): Զտումի այս մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ճիօ Գալուստ, որ գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը: Եօթը մրցումներուն ընթացքին ան արձանագրեց հինգ յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն` այսպիսով, առանց պարտութեան,...

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Գումարեց Իր Տարեկան Համագումարը

Շաբաթ, 15 փետրուարին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը Տըքուանէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին վաւերացուց վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները: Ֆետերասիոնին անդամակցած 23 ակումբներէն 14-ը ներկայ գտնուեցան համագումարին` ժողովին օրինականութիւնը հաստատելով: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի ողիմպիականի կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը Նեժի Համմուտ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոլան Սաատէ եւ այլ անդամներ,...

Աթլեթիզմ. Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութիւն. Լեւոն Աղասեան Տիրացաւ Արծաթ Մետալի

Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամ Լեւոն Աղասեան Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան դարձաւ արծաթ մետալակիր: Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան ան երեք քայլ ոստումի մրցումներուն` արձանագրելով 16,44 մեթր արդիւնք մը, տիրացաւ արծաթ մետալին: Հայաստանի մնացեալ 9 ներկայացուցիչները որեւէ մետալի չտիրացան այս ախոյեանութեան, որ ողիմպիական խաղերուն համար վարկանշային չէ:

«Չեմփիընզ Լիկ». Կարէն Նալբանդեան Նշանակուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ – Փարիզ Սեն Ժերմեն Մրցումին Իրաւարարներու Տեսուչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ կազմակերպութեան տեսուչ Կարէն Նալբանդեան նշանակուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ - Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումի իրաւարարներու տեսուչ: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Գերմանիոյ մէջ կատարուելիք այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի, 18 փետրուարին, եւ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):  

«Մանչեսթըր Սիթի Երկու Տարեշրջան Կախակայուեցաւ` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցաշարքին Մասնակցելէ» Յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն

Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն տեղեկացուց, որ անգլիական Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբը երկու տարեշրջանի համար կախակայուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելէ: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 2020-2021 տարեշրջանէն սկսեալ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն նաեւ 30 միլիոն եւրօ արժող տուգանք մը սահմանեց: Այս կախակայումը ու տուգանքը սահմանուեցան, որովհետեւ Մանչեսթըր Սիթի ֆինանսական «ֆէր-փլէյ»-ի կանոնագիրը խախտեց: Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ Մանչեսթըր...

«Լա- Լիկա». Պարսելոնա Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Կեթաֆէի Դէմ (2-1)

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա-լիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեան Պարսելոնա, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը իր հիւրին` Կեթաֆէի դէմ` 2-1 արդիւնքով: Պարսելոնա - Կեթաֆէ մրցումէն Անթուան Կրիզման (33-րդ) եւ Սերճի Ռոպերթօ (39-րդ), նշանակեցին Քիքէ Սեթիենի գլխաւորած կազմին կոլերը` աւելի քան 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Աթլեթիքօ Մատրիտ որ հիւրը եղաւ Վալենսիայի, արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:

«Փրեմիեր-Լիկ». Լիվըրփուլի 25-րդ Յաղթանակը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ մեծ քայլերով ախոյեանութեան տիտղոսի ուղղուող Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող, Նորուիչ Սիթիի դաշտէն: Սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ, նշանակեց Լիվըրփուլի եւ մրցումին միակ կոլը (78-րդ): Լիվըրփուլ, որ արձանագրեց տարեշրջանի իր 25-րդ յաղթանակը, այժմ 25 կէտի առաւելութիւն մը ունի...

Վաչէ Ծատուրեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Կողմէ

Երէկ` հինգշաբթի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր տարեկան նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց նախորդ տարուան շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ 2020 տարուան իր յայտագիրը, իր կատարելիքներն ու մշակելիք ծրագիրը: Լուսանկարը Տրամադրեց` PROFOTO Նախքան ժողովը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ պարգեւատրեց շարք մը անձնաւորութիւններ (ողիմպիական կոմիտէէն), որոնք Ասիոյ եւ ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոններուն մօտ ստանձնեցին տարբեր տեսակի պաշտօններ`...

Պասքեթպոլ. Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 97-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրաքը: Այս մրցումին Լիբանանի ազգային խումբին միացան նաեւ Ալի Հայտար եւ Ուաէլ Արաքժի, որոնք եկան յաւելեալ ուժ տալու խումբին: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Լիբանան, հիւրընկալ...

Եւրոպայի Յունահռոմէական Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Գրաւեց Չորրորդ Դիրքը

Նախանցեալ օր, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: Մասնակցող երկիրներուն կարգին էր նաեւ Հայաստանը, որ ապահովելով 84 կէտ եւ գրաւեց խմբային դասաւորման չորրորդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Ռուսիա, մինչ անոր ետին, յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ազրպէյճան եւ Թուրքիա: Այս ախոյեանութեան ընթացքին, Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացան Արթուր Ալեքսանեան եւ Գէորգ Ղարիբեան, մինչ պրոնզէ մետալներու տիրացան Կարապետ Չալեան եւ...

Թենիս. Խաչանով Դուրս Մնաց Ռոթերտամի Մրցաշարքէն

Հայկական արմատներով ռուս թենիսմէն Կարէն Խաչանով աւարտեց իր ելոյթը Ռոթերտամի մրցաշարքին: Ռոթերտամի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին ան 4-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անգլիացի իր մրցակիցէն` Տանիել Իվընզէն: Նշենք, որ Նիտըրլենտի այս մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 2 միլիոն եւրօ:

Page 626 of 1279 1 … 625 626 627 … 1,279

Արխիւներ