Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան, երկկողմանի համաձայնութեան գալով` ստորագրուած պայմանագրութիւնը խզեցին:
Որոշումը տեղի ունեցաւ Խաշմանեանի եւ ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի միջեւ քանի մը հանդիպումներէն ետք:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Խաշմանեանին` դժուար պայմաններու մէջ հաւաքականին ղեկը ստանձնելուն համար: Ան յաջողութիւն մաղթեց Խաշմանեանին, մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ:
Նոր մարզիչին անունը պիտի յայտարարուի մօտիկ ապագային: