Մարզական

Ճատրակ. «Պունտըսլիկա». Սերկէյ Մովսիսեան Արձանագրեց Երկու Յաղթանակ

Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի նախկին անդամ Սերկէյ Մովսիսեան կը շարունակէ իր տպաւորիչ ելոյթները` «Պունտըսլիկա»-ի ճատրակի ախոյեանութեան մէջ: 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանին, ան իր ակումբին` Պատեն-Պատենի հետ, արձանագրեց երկու յաղթանակ: Իր այդ յաղթանակներուն շնորհիւ, ան 5 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը եւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2649 կէտ, դարձեա՛լ մուտք գործելով աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին հարիւրին մէջ: Նշենք, որ այժմ...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Կատարեց Իր Առաջին Հաւաքը

Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Հայաստան դարձեա՛լ ունեցաւ իր աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը, որ 7-9 փետրուարին կատարեց իր մարզական հաւաքը, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Մանուկ Սարգսեան, որ տղոց, տարիքային տարբեր հաւաքականներու հետ, աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունի: Նշենք, որ այս հաւաքին մասնակցեցան միայն Հայաստանի մէջ հանդէս եկող 28 ֆութպոլիստներ: Յառաջիկային, հաւաքականին պիտի միանան այլ ֆութպոլիստներ` արտասահմանէն:

Երեւանի Ճատրակի Դպրոցներուն Տրամադրուող Ֆինանսաւորումը Աւելցաւ

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Երեւանի ճատրակի դպրոցներուն 2020-ին տրամադրուող ֆինանսաւորումը աւելցած է: Այս գծով յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունեցած է Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան: Շուրջ 60 առ հարիւրով բարձրացած են ճատրակի դպրոցներու մարզիչներուն աշխատավարձերը, իսկ 25 առ հարիւրով` վարչական աշխատողներուն աշխատավարձերը: Այսպիսով, մայրաքաղաք Երեւանի կողմէ ճատրակի մարզադպրոցներուն տրամադրուող գումարը աւելցած է շուրջ 37 առ հարիւրով, կազմելով...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Չկրցաւ Յաղթել Լայփցիկին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` երկրորդ դիրքը գրաւող Լայփցիկին, անոր հետ արձանագրելով կոլազուրկ հաւասարութիւն մը, 75 հազար հանդիսատեսներուն ներկայութեան: Պայէրն - Միւնիխ - Լայփցիկ մրցումէն Այսպիսով, անոնց միջեւ կէտի մը տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ: 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ, չկրցաւ օգտուիլ այս հաւասարութենէն երբ 4-3 արդիւնքով պարտուած...

«Լիկ»-1. Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիոն` 4-2

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ»-1»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն 47 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 4-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լիոնին (9-րդ): Անխել Տի Մարիա Անխել Տի Մարիա (22-րդ), Քիլիան Մպափէ (38-րդ), Ֆերնանտօ Մարսալ (47-րդ` սխալմամբ իր բերդէն ներս) եւ Էտինսոն Քաւանի (79-րդ), նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին կոլերը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Փարիզ Սեն Ժերմեն պահեց իր...

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, «Լա լիկա»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Պարսելոնա, յաղթանակներ արձանագրեցին: Նշեալ արդիւնքով, անոնց միջեւ գտնուող երեք կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ: Ռէալ Մատրիտ իր յաղթանակը արձանագրեց Օսասունայի դաշտին վրայ (4-1): Իսքօ (33-րդ), Սերճիօ Ռամոս (38-րդ), Լուքաս Վասքես (84-րդ) եւ Լուքա Եովիչ (92-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը: Նշենք, որ թէեւ Քարիմ Պենզեմա...

«Քալչիօ». Եուվենթուս Եւ Ա. Սէ. Միլան Պարտուեցան

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ գործող ախոյեան` Եուվենթուս կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը, Վերոնայի դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Եուվենթուսի միակ կոլը նշանակած Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (65-րդ), իր ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց, նկատի ունենալով, որ ան յաջորդաբար 10-րդ մրցումն ըլլալով կոլի հեղինակ դարձաւ: Նախկին մրցանիշը (9), կը պատկանէր ֆրանսացի Տաւիտ Թրեզեկէին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Ահտ Իր Փորձերը Կրկնապատկեց

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ահտ Եւ Անսար Երկուշաբթի, 10 Փետրուարին Կը Կատարեն Իրենց Առաջին Մրցումը

Երկուշաբթի, 10 փետրուարին, Լիբանանի երկու ներկայացուցիչները` Ահտ եւ Անսար, Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կը կատարեն իրենց առաջին մրցումը: Ահտի տիտղոսակիր խումբը Ահտ, Քամիլ Շամունի մարզական աւանին մէջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին կը հիւրընկալէ պաղեստինեան Հիլալ Քուտըսը, մինչ նոյն օրը, սակայն Քուէյթի մէջ, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Անսար հիւրը կ՛ըլլայ Քուէյթիի: Անսարի կազմը Վաղը` կիրակի, 9 փետրուարին, «Ռամատա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ), կէսօրուան...

15 Փետրուարին Զահլէի Քաղաքապետութիւնը Կը Կազմակերպէ Դպրոցական Մարզական Ախոյեանութիւն Մը

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, շաբաթ 15 փետրուարին, Զահլէի քաղաքապետութիւնը կը կազմակերպէ դպրոցական մարզական ախոյեանութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շրջանի 12 վարժարաններու տղոց եւ աղջկանց շարք մը խումբեր: Տեղի պիտի ունենան պասքեթպոլ, մինի-ֆութպոլ, փինկ փոնկ, աթլեթիզմ եւ այլ տեսակի շարք մը մարզաձեւեր: Ախոյեանութեան բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մար Եուսեֆ երկրորդական վարժարանին մէջ:    

Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէն Կը Նախապատրաստուի Ձմեռնային Երկրորդ Խաղերուն

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն իր հերթական նիստին քննարկեց յառաջիկայ տարի` փետրուար 2021-ին տեղի ունենալիք Համահայկական ձմեռնային 2-րդ խաղերուն կազմակերպման հարցերը: Ժողովին ընթացքին նշանակուեցան համապատասխան ցամաքամասերու (ըստ երկիրներու, քաղաքներու) մասնագէտ-համակարգողները: Հարաւային եւ հիւսիսային ամերիկացի եւ եւրոպական երկիրներու քաղաքային կոմիտէներու հետ տարուելիք աշխատանքներու համակարգող նշանակուեցաւ Սեւակ Կարապետեան, նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու հետ Անահիտ Մխիթարեան, ասիական երկիրներու` Եփրեմ...

Ճատրակ. «Պունտըսլիկա». Սերկէյ Մովսիսեան Իր Խումբին Հետ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Հայրենի կրանտմասթըր Սերկէյ Մովսիսեան իր լաւ ելոյթները կը շարունակէ «Պունտըսլիկա»-ի ճատրակի ախոյեանութեան մէջ: Մովսիսեան, որ մաս կը կազմէ Պատեն - Պատեն խումբին, 4-րդ հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց: Նախորդ հանգրուաններուն անոր կազմը արձանագրեց յաղթանակ մը եւ երկու հաւասարութիւն: Այժմ Պատեն - Պատեն 8 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը երէկ` ուրբաթ, 7 փետրուարին, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ մարզական հաւաքի մը: Անիկա կ՛աւարտի վաղը` կիրակի, 9 փետրուարին: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մանուկ Սարգսեան այդ հաւաքին հրաւիրեց 25 ֆութպոլիստներ: Այդ 25 ֆութպոլիստներէն 16-ը մաս կը կազմեն Ալաշկերտին:

Հայկական Ֆութպոլ. Հայ Իրաւարարները Մեկնեցան Ուսումնամարզական Հաւաքի

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրաւարարները, եւ հսկիչները մեկնեցան Անթալիա` ուսումնամարզական հաւաքի մը մասնակցելու համար: Այս հաւաքին յատուկ դասախօսութեամբ մը ելոյթ պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչ Վալենթին Իվանով: Բացի հաւաքին մասնակցելէ, իրաւարարներուն առիթ պիտի տրուի այդտեղ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն սուլելու:

Ըմբշամարտ. Գացալովի Տեղափոխութեան Համար Վճարուեցաւ 10 Հազար Զուիցերիական Ֆրանք

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արայիկ Բաղդադեան, երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, որ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն 10 հազար զուիցերիական Ֆրանք վճարեց ըմբիշ Հաճիմուրատ Գացալովի տեղափոխութեան համար: 5 հազար զուիցերիական Ֆրանք ստացաւ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը, իսկ մնացեալ 5 հազարը` Ռուսիոյ ըմբշամարտի ֆետերասիոնը: Ան ըսաւ, որ Գացալովի հետ պայմանագրութիւն մը չստորագրուեցաւ, եւ 37 տարեկան ըմբիշը որեւէ գումար պիտի չգանձէ իր...

Անակնկալներ` Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքին. Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա Դուրս Մնացին

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») քառորդ աւարտականին արձանագրուեցան քիչ մը «մեծ» անակնկալներ` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ տիրական ներկայութիւն ունեցող խումբերը` Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, դուրս մնացին մրցաշարքէն: Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Ռէալ Սոսիետատէն (4-3), մինչ Պարսելոնա պարտութիւն կրեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դաշտին վրայ (1-0): Պիլպաոյի կոլը նշանակեց Ինաքի Ուիլիամս (90+3): Ինչ կը վերաբերի Ռէալ Մատրիտին, անիկա...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Միլանօ Քաղաքի Տերպին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Միլանօ Քաղաքի Տերպին

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, հինգ յառաջատար երկիրներու մէջ կարեւորագոյն ճակատումը պիտի ըլլայ վաղը կատարուելիք Միլանօ քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը: Այլ կարեւոր մրցումի մը, վաղը Պայէրն Միւնիխ կը հիւրընկալէ Լայփցիկը (2-րդ): Յաղթանակի մը պարագային, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն, պիտի ամրապնդէ պարագլուխի իր դիրքը: Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա իրենց...

Եուվենթուս Հետաքրքրուած` Լիոնել Մեսսիով

Իտալական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ախոյեանը` Եուվենթուս, շատ մօտէն հետաքրքրուած է Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիով: Իտալական ակումբին պատասխանատուները մօտէն կը հետեւին Պարսելոնայի մէջ գոյութիւն ունեցող ներքին լարուածութեամբ, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Մեսսի հրապարակաւ քննադատեց քաթալոնական ակումբին թեքնիք տնօրէնը` Էրիք Ապիտալը: Մեսսիով հետաքրքրուած են նաեւ Մանչեսթըր Սիթի, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Ինթեր Միլան: Թէեւ...

«Ֆորմիւլա-1». Շումախըրի Առաջին «Ֆեռարի»-ն Վաճառքի Դրուեցաւ

Եօթը անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի կողմէ փորձուած առաջին «Ֆեռարի»-ն, վաճառքի հանուեցաւ: Այժմ 50 տարեկան Շումախըր այդ ինքնաշարժը վարած էր 1995-ին: Ան իր առաջին երկու տիտղոսներուն տիրացած էր 1994-ին եւ 1995-ին` «Պենեթոն»-ի հետ, իսկ 2000-էն 2004` «Ֆեռարի»-ի հետ:  

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց 10 Կէտի Տարբերութեամբ Յաղթեց Լէյքըրզին` Լոս Անճելըսի Մէջ

Երէկ` ուրբաթ, 7 փետրուարին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան հինգ մրցումներ: Բաւական հետաքրքրական ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը եւ Հիուսթըն Ռոքեթցը, վերջ գտաւ հիւր կազմին` Ռոքեթցի յաղթանակով, 121-111 արդիւնքով: Ռասըլ Ուեսթպրուք (ձախին)` երէկուան մրցումին Յաղթական կազմէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 41 կէտ, մինչ Լէյքըրզէն Անթոնի Տէյվիս` 32 կէտ: Այս պարտութիւնը արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող...

Լիբանանի Նշանառութեան Ֆետերասիոնին Նախագահը Եւ Ռէյ Պասիլ Այցելեցին Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխը, որուն կ՛ընկերակցէր լիբանանցի միջազգային նշանառու Ռէյ Պասիլ: Ֆետերասիոնին անունով Ժալըխ շնորհաւորեց նախարարը` իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելու առիթով, անոր մաղթելով յաջողութիւն: Ապա Ժալըխ ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուց նախարարին` ֆետերասիոնին կատարած աշխատանքներուն եւ այս տարուան ծրագիրներուն մասին, աւելցնելով, որ նշանառութեան ֆետերասիոնին...

Page 628 of 1279 1 … 627 628 629 … 1,279

Արխիւներ