Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութեան Ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ մարզիչներու Բ. արտօնագիրի դասընթացքը: Նախքան նշեալ դասընթացքի սկսիլը, աւարտած էր Գ. կարգի դասընթացքը:
32 մասնակցողներու կազմին մէջ են 23 տղամարդիկ եւ 9 կիներ:
Նշեալ 32-ին մէջ են նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականին նախկին ֆութպոլիստներ` Ռոպերթ Արզումանեան, Վահագն Մինասեան եւ Արթուր Եդիգարեան, որոնք այդ դասընթացքը կարեւոր կը նկատեն, նոր գիտելիքներ ձեռք ձգելու համար: