
Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, երէկ, 11 փետրուարին, անկախ Հայաստանի առաջին ողիմպիականի ախոյեան` Արմէն Նազարեանի 18 տարեկան որդին` Էտմոնտ, 55 քիլոկրամ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Նշենք, որ ան մաս կը կազմէ Պուլկարիոյ ազգային խումբին, մինչ անոր հայրը կը մարզէ Պուլկարիան:

77 քիլոկրամ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Չալեան, որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մրցեցաւ Հայկ Մնացականեանի դէմ (Պուլկարիա), գրաւեց երրորդ դիրքը:
Իսկ 97 քկ դասակարգին մէջ ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան երէկ ապահովեց աւարտականին իր տոմսը եւ այսօր կը մրցի Իտալիան ներկայացնող Նիքոլոս Քախելաշվիլիի դէմ:
Նշենք, որ Ալեքսանեան, իր ելոյթներուն սկսաւ տպաւորիչ յաղթանակով մը, երբ 7-1 արդիւնքով յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Ճենք Իլտեմին:
Այսօր, աւարտականի մրցում մը ունի կատարելիք նաեւ Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ):
Մինչեւ այս հանգրուանը հասնիլը ան իր «զոհերէն» մէկը դարձուց ազերի Մուրատ Պազարովին (8-0):
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Կարէն Ասլանեան (67 քկ), երէկ չկրցաւ հասնիլ աւարտականին, երբ կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, պարտութիւն մը կրեց: Ան, այսօր կը պայքարի պրոնզ մետալի համար: