Այս շաբաթասկիզբին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ սկսաւ Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն կարգին է նաեւ Լիբանան:
Մայրիներու խումբին համար այս մրցաշարքը լաւագոյն պատրաստութիւնն է 21 եւ 24 փետրուարին տեղի ունենալիք 2021-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին, երբ Լիբանան յաջորդաբար պիտի հիւրընկալէ Իրաքն ու Պահրէյնը:
Մինչ այդ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքին Լիբանանի կազմը, գլխաւորութեամբ մարզիչ Ճօ Մուժահեզի, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 87-75 արդիւնքով յաղթելով Սուրիոյ (19-12, 44-30, 68-50, 87-75):
Այսօր` հինգշաբթի, ժամը 17:00-ին, Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Իրաքը: