Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ, 15 փետրուարին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ) տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին ժողովը:
Մեծամասնութիւն չգոյանալու պարագային (կէսէն աւելին), ժողովը պիտի յետաձգուի: Նոր թուականի մասին ֆետերասիոնը պիտի յայտարարէ յառաջիկային:
Ֆետերասիոնը, իր մօտ անդամակցած բոլոր ակումբները հրաւիրեց ներկայ գտնուելու նշեալ ժողովին:


