Երէկ` երեքշաբթի, 11 փետրուարին, Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականը Ղազախիստանի մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 18 փետրուար:
Նշուեցաւ, որ այդ հաւաքին պիտի մասնակցին մեծերու եւ երիտասարդներու հաւաքականները` միասնաբար, գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի եւ աւագ մարզիչ Դաւիթ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հաւաքին կը մասնակցին 13 մարզիկներ: