Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կան շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ:
Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի պարագային պարագլուխի դիրքերուն համար պայքար չկայ:
Սակայն տարբեր է պարագան Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ, ուր բաւական սուր մրցակցութիւն կայ Եուվենթուսի եւ Ինթեր Միլանի (Իտալիա), Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի (Սպանիա), ինչպէս նաեւ, Պայէրն Միւնիխի եւ Լայփցիկի (Գերմանիա) միջեւ:
Նշենք, որ կիրակի օր տեղի ունենալիք Լացիօ Ռոմա – Ինթեր Միլան ճակատումը պիտի ըլլայ բաւական զօրաւոր:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` անոնց գրաւած դիրքերը).