Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի անդամ` Էմիլ Ժապպուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիոյ վոլիպոլի ֆետերասիոնի ժողովներուն, որոնք տեղի ունեցան Պանքոքի մէջ (Թայլանտ):
Ժապպուր, Ասիոյ ֆետերասիոնի թեքնիք յանձնախումբի անդամ է:
Ժողովականները քննարկեցին 2020-ին տեղի ունենալիք տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 14-15 յունիսին Թայլանտի մէջ կատարուելիք Ասիոյ վոլիպոլի ֆետերասիոնին թեքնիք յանձնախումբի ընտրութիւններուն նիւթը: