Հաղորդած էինք, որ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենան յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումները` տարբեր դասակարգերու:

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած ճակատումներուն, 60 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Գէորգ Ղարիբեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան` պարտութեան մատնելով իր թուրք մրցակիցը` Քերեմ Քամալը: Յիշեցնենք, որ ան քառորդ աւարտականին յաղթած էր ազերի Մուրատ Պազարովին:
67 քկ դասակարգին մէջ, Կարէն Ասլանեան բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով, երբ երրորդ դիրքի մրցումին յաղթեց Քրիսթիան Վանզային (Հունգարիա):
Վերոնշեալ ճակատումներէն ետք կատարուած 97 քկ դասակարգի աւարտականի ճակատումին Արթուր Ալեքսանեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան` 7-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Իտալիան ներկայացնող Նիքոլոս Քախելաշվիլիին:
Նշենք, որ այսօր` հինգշաբթի, սկիզբ կ՛առնեն նաեւ ազատ ոճի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց ընթացքին Հայաստան ունի տասը ըմբիշ: