Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Էտեն Հազար, բաւական ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, շատ հաւանական է, որ իր մասնակցութիւնը բերէ Սելթա Վիկոյի դէմ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումին (24-րդ հանգրուան):
29 տարեկան պելճիքացին վնասուածքի պատճառով շուրջ երկուքուկէս ամիսէ ի վեր հեռու է ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարած 13 մրցում` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով 4 էսիսթ: