Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումները:
Երեւանի «Նայիրի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Նոա 4-2 արդիւնքով յաղթեց Փիւնիկին:
Այս վերջինէն տուպլէ մը իրագործեց` Արազ Օզպիլիս (44-րդ` փենալթիով եւ 55-րդ):
Նոայի կոլերը նշանակեցին անոր երեք օտարականները:
Ուրարտու 3-0 արդիւնքով յաղթեց Երեւանին, մինչ Արմենիա – Արարատ` Շիրակին:
Այս հանգրուանի վերջին մրցումին, Արարատ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լոռիի հետ:
Այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ – Արմենիա, որ ապահոված է 33 կէտ: