Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պոքա Ժունիորզ, որ հիւրընկալեց Տիեկօ Մարատոնայի գլխաւորած խումբը` Կիմնասիան, արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 34-րդ անգամ ըլլալով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քարլոս Թեւեզ` 72-րդ վայրկեանին:
Ռիվըր Փլէյթ, որուն կը պատկանի մրցանիշը (36 անգամ), գրաւեց երկրորդ դիրքը` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Աթլեթիքօ Թուքումանի դաշտին վրայ:
Պոքա ունեցաւ 48 կէտ, իսկ Ռիվըր` 47: