Իտալական մարզական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Նովարա ակումբին սեփականատէրը` Մաուրիցիօ Ռուլօ, վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Ան Գերմանիայէն վերադառնալով օդակայանին մէջ ենթարկուած է քննութիւններու:
Այդ քննութիւններուն արդիւնքը տուած է դրական պատասխան:



