Երէկ` ուրբաթ, 6 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը, իր վերստեղծումէն ետք կատարեց իր երկրորդ բարեկամական մրցումը, դարձեալ մրցելով Լիթուանիոյ դէմ:
Փիւնիկի մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին, հայրենի կազմը արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
24-րդ վայրկեանին Մարալ Արթին նշանակեց Հայաստանի կոլը: 51-րդ վայրկեանին հիւր կազմը նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Երկու կազմերուն միջեւ կատարուած առաջին մրցումին, Հայաստան 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր: