Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան միայն հինգ մրցումներ, բոլորն ալ` դռնփակ, առանց համակիրներու, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Ինթեր Միլանը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, Լացիօ Ռոմայէն խլեց պարագլուխի դիրքը` կէտի մը առաւելութիւն ունենալով անոր վրայ:
Աարոն Ռամսի (55-րդ) եւ Փաուլօ Տիպալա (67-րդ) նշանակեցին Եուվէի կոլերը:
Ա. Սէ. Միլան իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ճենովայէն:
Այժմ Եուվենթուս ունի 63 կէտ, Լացիօ Ռոմա` 62, իսկ Ինթեր Միլան` 54: