«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ:
Լոս Անճելըս քաղաքի տերպիի մրցումին յաղթական դուրս եկաւ Լէյքըրզ, որ Քլիփըրզի դաշտին վրայ արձանագրեց 112-103 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Յաղթական կազմէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 30 կէտ:
Տալասի մէջ, Մավըրիքս 112-109 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ինտիանա Փէյսըրզէն, հակառակ անոր որ Լուքա Տոնքիչ (Մավըրիքս) նշանակեց 36 կէտ:
Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց 20 կէտի տարբերութեամբ` 126-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Օրլանտօ Մեճիքէն: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Ռոքեթց) բաւականացաւ 24 կէտով: