Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին իր դաշտին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Սիթին:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա այսօր կը հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը, մինչ վաղը Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Պեթիսին:
Իտալիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լացիօ Ռոմա հիւրը պիտի ըլլայ Աթալանթայի, մինչ Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Սամտորիան:
Գերմանիոյ մէջ, բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Մէօնշընկլատպախ եւ Պորուսիա Տորթմունտ:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը).