Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ երէկ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Օկզպուրկի դէմ:
Պայէրնի կոլերը նշանակեցին Թոմաս Միւլըր (53-րդ) եւ Լէոն Կորեթցքա (90-րդ)` 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Պայէրն, որ այժմ ունի 55 կէտ, 4 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Պորուսիա Տորթմունտը, որ 2-1 արդիւնքով յաղթելով Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին, գրաւեց Լայփցիկի դիրքը: Վերջինը 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Վոլֆսպուրկի հետ, նահանջեց 2-րդ դիրք: