Այաքս Ամսթերտամի Ձախողութիւնները Կը Շարունակուին
Վերջին 20 տարիներուն Այաքս Ամսթերտամ իր ամէնէն ձախող արդիւնքը կրկնեց, երբ Նիտըրլանտներու բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Իւթրեխթէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Ընթացիկ ախոյեանութեան գծով խումբը այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը (53 կէտով)` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ազ-Ալքմաարը: Բայց եւ այնպէս Իւթրեխթի դէմ այդ պարտութիւնը Այաքսի համար եղաւ չորրորդը` վերջին հինգ մրցումներուն: Այաքս այսպիսի ձախողութիւն արձանագրած...

