«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ, երէկ սկսաւ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի, Լիբանան – Թայլանտ մրցաշարքը, որ կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ կատարուող մրցումներուն ծիրին մէջ:
Լիբանան, որ դասուած է առաջին` արաբական աշխարհին մէջ, իսկ 39-րդ` միջազգային գետնի վրայ, 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` (42-րդ):
Լիբանանի խումբին մաս կազմող Պենժամին Հասան, որ դասուած է առաջին` իր խմբակիցներուն մէջ, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ժերաթ Նաւասիրի Սոմպոնի դէմ (2-րդ):
Բացման այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնց կարգին` Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ եւ այլ անդամներ:
Անձրեւին պատճառով, երկրորդ մրցումը յետաձգուեցաւ այսօրուան:
Այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի պիտի ունենայ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Ժամը 10:30-ին կը կատարուի անհատական մրցում մը, ժամը 12:30-ին` զոյգի ճակատումը, իսկ ժամը 14:00-ին եւ 15:30-ին` դարձեալ անհատական մրցումները:
Հինգ ճակատումներէն երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը մնայ այս ցամաքամասին Ա. դասակարգին մէջ: