Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ դարձեալ փոփոխութիւն կատարուեցաւ:

Պարսելոնա, որ յաղթեց իր հիւրին` Ռէալ Սոսիետատին (1-0), գրաւեց առաջին դիրքը` օգտուելով Ռէալ Մատրիտի կրած պարտութենէն, որ երէկ գիշեր 2-1 արդիւնքով տեղի տուաւ Ռէալ Պեթիսի դաշտին վրայ:
Իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա, որ ունեցաւ 58 կէտ, այժմ 2 կէտով կը գերազանցէ Ռէալ Մատրիտը:
Պարսելոնայի կոլը նշանակեց Լիոնել Մեսսի` փենալթիով (81-րդ):
Ռէալ Մատրիտ եւս իր կոլը նշանակեց փենալթիով` շնորհիւ Քարիմ Պենզեմայի (45-րդ):